Հայաստանը ներկայացնող երեք կռփամարտիկներ Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած «Տապըլիու. Պի. Սի.-60» համագումարէն ետք մենամարտեր կատարելով տիրացան երեք տիտղոսի:
Ուքրանիա բնակող Արամ Ֆանեան ժամանակէն առաջ յաղթեց իր մրցակիցին, Վալերի Յովհաննիսեան իր մրցակիցին յաղթեց նաք աութով, իսկ Ռաֆայէլ Յովհաննիսեան 8 ռաունտնոց պայքարէ մը ետք, կէտերու մեծ տարբերութեամբ յաղթական հռչակուեցաւ:
Նշենք, որ վերոնշեալ համագումարին ընթացքին Հայաստան պաշտօնապէս ներկայացուեցաւ իբրեւ «Տապըլիու. Պի. Սի.» կազմակերպութեան անդամ եւ շրջանի ներկայացուցիչ:


