Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն, խումբին 23 ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէին ցարդ չէ վճարած սեպտեմբեր ամսուան աշխատավարձը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» անուանի մարզական օրաթերթը:
Նշուեցաւ, որ ֆութպոլիստը մտադիր է հեռանալ ակումբէն, եթէ աշխատավարձի ուշացումները ըլլան պարբերական:
Էմպափէ աւելի զայրացած կը թուի ըլլալ այն բանէն, որ արժանթինցի Լիոնել Մեսսի եւ պրազիլցի Նէյմար ցարդ այսպիսի խնդիրներ չեն ունեցած փարիզեան ակումբին հետ:
Նոր պայմանագիրով Էմպափէի տարեկան եկամուտը մայրաքաղաքի կազմին հետ կը հասնի 70 միլիոն եւրոյի:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերած է 20 մրցումի, նշանակած 19 կոլ եւ կատարած 5 էսիսթ:


