Հայաստանի դահուկարշաւի հաւաքականի յառաջատարներ Միքայէլ Միքայէլեան եւ Քաթիա Գալստեան նախորդ շաբաթավերջին տիրացան մետալներու:
Ֆինլանտայի Վուոքաթթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած դահուկարշաւի միջազգային վարկանշային մրցաշարքին, աղջկանց 9 քմ ազատ ոճի մրցումներուն, Գալստեան ապահովելով 80,51 վարկանշային կէտ, տիրացաւ ոսկի մետալին:
Ան այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ապահովեց իր ամէնէն բարձր կէտը:
Իսկ տղոց 12 քմ ազատ ոճի մրցումներուն, Միքայէլեան ապահովելով 59,07 վարկանշային կէտ, տիրացաւ պրոնզ մետալին` յառաջատարէն զիջելով միայն 12” 04 տարբերութեամբ:


