Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ իր ունեցած պատկերասփռուած հարցազրոյցին ընթացքին խստօրէն քննադատեց իր ակումբն ու գլխաւոր մարզիչը` Էրիք Տեն Հաակը:
37 տարեկան ֆութպոլիստը նախապէս յայտարարած էր, որ իր ակումբը դաւաճանեց իրեն եւ ինք չի յարգեր իր մարզիչը:
Ակումբին ղեկավարութիւնը յայտնեց, որ անոր դէմ սահմանելիք պատիժները կը ձգէ իր մարզիչին` Էրիք Տեն Հաակին:
Նշենք, որ ընթացիկ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին կատարած է 16 մրցում, նշանակած երեք կոլ եւ կատարած երկու էսիսթ:
Անոր պայմանագրութիւնը մանչեսթըրեան ակումբին հետ կ՛աւարտի 30 յունիս 2023-ին:


