Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը («ԵՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ.») որոշում կայացուց 2023-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը կայացնել Պելկրատի մէջ, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Իր ունեցած համագումարին ընթացքին, Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ռուսական Քրասնոյարսք քաղաքը զրկեց այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու իրաւունքէն` ռուսական զինուած ուժերուն Ուքրանիա ներխուժման պատճառով:
Ինչպէս ծանօթ է, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը շարունակէ մարզական միջոցառումներ չկատարել Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ:
2023-ի այս ախոյեանութիւնը իրենց երկրին մէջ կայացնելու թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա, որոնք սակայն իրաւունք չստացան զայն հիւրընկալելու, եւ Պելկրատ ինք է, որ յաղթական հռչակուեցաւ:
Նշենք, որ 2023-ի այս ախոյեանութիւնը վարկանշային է 2024-ին Փարիզի մէջ տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն համար:


