Մանչեսթըր Սիթի Իր Կազմին Միացուց 19 Տարեկան Մաքսիմօ Փերրոնէն
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի համաձայնութեան եկաւ արժանթինեան Վելես Սարսֆիլտին մաս կազմող 19 տարեկան միջնապահ Մաքսիմօ Փերրոնէի տեղափոխութեան շուրջ: Արժանթինցի ֆութպոլիստը քաթալոնիացի Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմին պիտի միանայ յառաջիկայ փետրուարին, Հարաւային Ամերիկայի երիտասարդական ախոյեանութեան աւարտէն ետք: Անոր այս փոխանցման համար անգլիական ակումբը պիտի վճարէ 8 միլիոն ամերիկեան տոլար: Այս տարեշրջանին ան Վելեսի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 33 մրցումի, նշանակեց 3...




















