Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 18-րդ հանգրուանի տասը մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր` չորեքշաբթի, 11 յունուարին:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 44 կէտ, պիտի հիւրընկալէ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Անժէն (8 կէտ):
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող եւ Սեն Ժերմենէն միայն չորս կէտով ետ մնացող Լանս հիւրը պիտի ըլլայ նախավերջին դիրքը գրաւող Սթրազպուրկին (11 կէտ):
Իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մարսէյ, որ ութ կէտով ետ կը մնայ Սեն Ժերմենէն, պիտի այցելէ Թրուայի դաշտը (13-րդ, 18 կէտ):
Ստորեւ` 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
Աժաքսիօ-Ռեմ, Օքսեռ-Թուլուզ, Պրեսթ-Լիլ, Քլերմոն Ֆութ-Ռենն, Նանթ-Լիոն (ժամը 19:00-ին), Լորիան-Մոնաքօ, Նիս-Մոնփելիէ, Փարիզ Սեն Ժերմեն-Անժէ, Սթրազպուրկ-Լանս եւ Թրուա-Մարսէյ (21:00-ին):


