«Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթց» ընկերութիւնը, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի սեփականատէրն է, մտադիր է ձեռք ձգել անուանի այլ ակումբ մըն ալ:
«Տը Եունայթըտ Սթենտ»-ի տեղեկութիւններով, անիկա կը քննարկէ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի կամ Լիվըրփուլի բաժնետոմսերուն մէկ մասը գնելու տարբերակը:
Նախապէս կը հաղորդուէր, որ «Քաթար Սփորթց Ինվեսթմընթց» ընկերութիւնը մտադիր է գնել Թոթենհամը:
Նշուեցաւ, որ ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն եւ փարիզեան ակումբի նախագահ Նասեր Խելայֆի նախորդ շաբաթ հանդիպեցաւ լոնտոնեան ակումբին սեփականատիրոջ` Տանիել Լեւիի հետ եւ անոր հետ քննարկեց հաւանական գործարքի մանրամասնութիւնները:


