Աշխարհի ճատրակի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն եւ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան (Միացեալ Նահանգներ) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Վիյք Աան Զի քաղաքին մէջ (Նետերլանտներ) կատարուելիք ճատրակի աւանդական «Թաթա Սթիլ Մասթըրզ» միջազգային մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 85-րդ անգամ ըլլալով:
14-29 ապրիլին տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին (13 հանգրուանի մրցումներ) իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 14 մասնակիցներ: