58 տարեկան հասակին մահացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ, Եուվենթուսի, Չելսիի եւ Սամտորիայի նախկին ֆութպոլիստ Ճիանլուքա Վիալլի, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը:
Ան 2017-էն ի վեր կը պայքարէր ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի դէմ. անոր վիճակը դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր բաւական ծանր էր:
Ան Իտալիոյ հետ «ԵՒՐՕ-1988»-ին եւ 1990-ի Մոնտիալին հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Իսկ մարզիչի իր ասպարէզին ընթացքին Վիալլի գլխաւորած է անգլիական Ուաթֆորտն ու Չելսին` տիրանալով շարք մը տիտղոսներու: