Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, փոխախոյեան Պարսելոնա իր դաշտէն դուրս արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աթլեթիքօ Մատրիտը, աւելի քան 63 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց ֆրանսացի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, 22-րդ վայրկեանին:
Իւրաքանչիւր կազմ մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով. Աթլեթիքոյէն կարմիր քարտ ստացաւ Սթեֆան Սաւիչ (90+2-րդ), իսկ Պարսայէն` Ֆերան Թորես (90+3-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող եւ ցարդ միայն պարտութիւն մը կրած Պարսելոնա, այժմ երեք կէտով կը գերազանցէ ախոյեան Ռէալ Մատրիտը, որ կրեց տարեշրջանի իր երկրորդ պարտութիւնը` Վիարէալի դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով:
Ռէալի միակ կոլը փենալթիով նշանակեց ֆրանսացի Քարիմ Պենզեմա (60-րդ վայրկեանին):
Ռէալ Մատրիտ այժմ ունի 38 կէտ, մինչ Պարսելոնա ունեցաւ 41 կէտ:


