Անգլիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Լիվըրփուլի նետերլանտցի յետսապահ Վիրճիլ Վան Տիյք ազդրի վնասուածքի պատճառով շուրջ ամիսով մը պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան վնասուածք ստացաւ Պրենթֆորթի դէմ տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ հանգրուանի մրցումին, որուն ընթացքին անոր կազմը կրեց 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշուեցաւ, որ անոր վերադարձը կ՛ակնկալուի փետրուարին սկիզբը: