Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 12-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 7 յունուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Սաժես Պէյրութ մրցումը:
Ճօ Ղաթթասի գլխաւորած կազմը կրկնեց իր յաղթանակը ՀՄԸՄ-ի դէմ` այս անգամ արձանագրելով 92-67 արդիւնքով յաղթանակ մը (12-23, 15-20, 24-29, 16-20). երթին Սաժես արձանագրած էր 99-49 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի այժմու մարզիչն է Մարքօ Ֆիլիովիեթեք (Սերպիա):
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը (25) նշանակեց Ժոշուա Քալտուել (ներառեալ` 5 թրի փոյնթ), մինչ անոր խմբակից Ճեսի Ճոնզ նշանակեց 17 կէտ:
Մնացեալ կէտերը նշանակեցին Լէոնել Լահուտ (8), Միհրան Պէրպէրեան (7), Տանիէլ Պաղտատեան (6) եւ Սէրուժ Աւետիսեան (4):
Իսկ Սաժեսէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Քլիֆ Ալեքսանտր (17 կէտ, 14 ռիպաունտ), մինչ անոր խմբակից Քերուին Նոաք նշանակեց 19 կէտ:
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Ժորժ Սաատ եւ Սերճիօ Քասսապ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սաժես ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը (11 յաղթանակ եւ պարտութիւն մը), մինչ ՀՄԸՄ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 11-րդ եւ նախավերջին դիրքը (3 յաղթանակ եւ 9 պարտութիւն):