Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 13-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 11 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, տեղի կ՛ունենայ Տինամօ-Աթլաս մրցումը, «Ռոքլենտ Արենա» մարզադաշտին վրայ:
Տինամօ, որ ցարդ արձանագրած է 11 յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, 23 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երկրորդ դիրքը Սաժես Պէյրութի ետին, որ ունի նոյնքան կէտ:
Իսկ Աթլաս, որ արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 8 պարտութիւն, 16 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 8-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Տինամոյի մարզիչն է Ժատ Հաժ, իսկ Աթլասի մարզիչը` Շարպել Պաշ:


