Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի համաձայնութեան եկաւ արժանթինեան Վելես Սարսֆիլտին մաս կազմող 19 տարեկան միջնապահ Մաքսիմօ Փերրոնէի տեղափոխութեան շուրջ:
Արժանթինցի ֆութպոլիստը քաթալոնիացի Եոսիփ Կուարտիոլայի գլխաւորած կազմին պիտի միանայ յառաջիկայ փետրուարին, Հարաւային Ամերիկայի երիտասարդական ախոյեանութեան աւարտէն ետք:
Անոր այս փոխանցման համար անգլիական ակումբը պիտի վճարէ 8 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Այս տարեշրջանին ան Վելեսի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 33 մրցումի, նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 2 էսիսթ:


