Մարզական

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն- Տիտիէ Տեշան  Պայմանագիրի Երկարաձգում

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ֆետերասիոն- Տիտիէ Տեշան Պայմանագիրի Երկարաձգում

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը մինչեւ 2026 երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը ազգային խումբին գլխաւոր մարզիչ Տիտէի Տեշանի հետ: Ան ազգային խումբի մարզիչ նշանակուած էր 2012-ին: 54 տարեկան Տեշան Ֆրանսայի կազմին հետ իր կատարած 139 մրցումին ընթացքին արձանագրեց 89 յաղթանակ: Անոր հետ Ֆրանսա 2018-ին հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, 2021-ին տիրացաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ «Եւրօ-2016»-ին եւ 2022-ի Մոնտիալին...

Հերի Քէյն Գերազանցեց Էլըն Շիրըրի Մրցանիշը

Հերի Քէյն Գերազանցեց Էլըն Շիրըրի Մրցանիշը

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 19-րդ հանգրուանին, Քրիսթալ Փալասի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0) իր նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ, լոնտոնեան Թոթենհամի անգլիացի 29 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյն, գերազանցեց անգլիացի Էլըն Շիրըրի մրցանիշը, «Փրեմիեր Լիկ»-ի առաջին 300 մրցումներուն նշանակած կոլերուն քանակով: Հերի Քէյն հասաւ 198 կոլի սահմանը, մինչ Շիրըր իր առաջին 300 մրցումին նշանակած էր 196 կոլ: Երրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի...

Կռփամարտ.  Եւրոպայի 2023-ի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւնը` Երեւանի Մէջ

Կռփամարտ. Եւրոպայի 2023-ի Երիտասարդական Ախոյեանութիւնը` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ապրիլին Եւրոպայի 2023-ի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Խրուաթիոյ եւ Մակեդոնիոյ ֆետերասիոնները, սակայն Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնը նախապատուութիւնը տուաւ Հայաստանին: Ինչ կը վերաբերի տարիքային տարբեր ախոյեանութիւններուն, անոնք տեղի պիտի ունենան Ռումանիոյ (աւագ տարիքի պատանիներ), Սլովենիոյ (կրտսեր տարիքի պատանիներ) եւ Ազրպէյճանի...

Նոա-Կարէն Նալբանդեան  Պայմանագրի Խզում

Նոա-Կարէն Նալբանդեան Պայմանագրի Խզում

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Նոա յայտնեց, որ միջնապահ Կարէն Նալբանդեանի հետ կատարուեցաւ պայմանագիրի խզում` երկկողմանի համաձայնութեամբ: 2022-2023 տարեշրջանի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նոա 12 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 10-րդ եւ վերջին դիրքը: Նշենք, որ ձմեռնային դադարէն ետք երեւանեան ակումբը 27 փետրուարին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` մրցելով Բանակային Կեդրոնական Մարզական ակումբին դէմ:

Մեսսի Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան`  Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Վերադարձով

Մեսսի Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան` Փարիզ Սեն Ժերմեն Իր Վերադարձով

2022-ի Մոնտիալի աւարտական հանգրուանին Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզադաշտ վերադարձած աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, արժանթինցի Լիոնել Մեսսի արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Ակումբին աշխատակիցները, մարզիկները, խմբակիցներուն մէկ մասը պատուոյ միջանցք մը կազմելով խումբի փորձերու մարզադաշտին մէջ, անոր յանձնեցին յատուկ յուշանուէր մը` աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսը խորհրդանշող: Նշենք, որ Մեսսի չորեքշաբթի,...

Տը Պրույնը Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզը Կրնայ Շարունակել Սպանիոյ Մէջ

Տը Պրույնը Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Կրնայ Շարունակել Սպանիոյ Մէջ

Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Քեւին տը Պրույնը շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Սպանիոյ մէջ, այս մասին յայտնեց պելճիքական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստով մօտէն հետաքրքրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտ: Ան անձամբ դէմ չէ Սպանիա տեղափոխուելուն, սակայն այն ժամանակ միայն, երբ իր պայմանագրութիւնը աւարտի 2025-ին: Այս տարեշրջանին ան Սիթիի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 22 մրցումի, նշանակեց 3 կոլ եւ...

Ժիրու Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ

Ժիրու Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի Մանչեսթըր Եունայթըտ

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք նոր յառաջապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է: Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, մանչեսթըրեան ակումբը թէեւ հետաքրքրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ` Ժոաօ Ֆելեսով, սակայն կը նշուի, որ մատրիտեան ակումբին պահանջները կրնան բարդացնել անոր հետ բանակցութիւններուն ընթացքը: Եթէ Մանչեսթըր Եունայթըտ չյաջողի համաձայնութեան գալ սպանական ակումբին հետ, անիկա իր ամէն կարելին պիտի ընէ ձեռք ձգելու...

Մարքինիոս Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Ստորագրէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Մարքինիոս Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Մարքինիոս նոր պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ իր կազմին հետ: Նոր պայմանագրութիւնը ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026 կամ 2027, այս մասին յայտնեց «Լը Փարիզիեն»-ը: 28 տարեկան ֆութպոլիստը, որ 2013-ին Ա. Էս. Ռոմայէն միացաւ մայրաքաղաքի կազմին, այս տարեշրջանին իր կազմին հետ մասնակցեցաւ 16 մրցումի եւ նշանակեց 2 կոլ: Նշենք, որ անոր այժմու պայմանագրութիւնը...

Ռաֆինիա Շատ Հաւանաբար  Տեղափոխուի «Փրեմիեր Լիկ»

Ռաֆինիա Շատ Հաւանաբար Տեղափոխուի «Փրեմիեր Լիկ»

Պարսելոնային մաս կազմող պրազիլցի ֆութպոլիստ Ռաֆինիա շատ հաւանաբար տեղափոխուի «Փրեմիեր Լիկ» եւ միանայ Մանչեսթըր Սիթիին, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Ռաֆինիա, որ 2022-ի ամրան միացաւ քաթալոնական կազմին` փոխան 58 միլիոն եւրոյի, կրնայ պատահիլ, որ նկատի չառնուի յառաջիկայ մրցումներուն ընթացքին իր մարզիչին` Չաւիի կողմէ: Նշուեցաւ նաեւ, որ Ռաֆինիայով հետաքրքրուած է նաեւ Չելսի: Ընթացիկ տարեշրջանին ան Պարսելոնայի հետ 19 մրցումի ընթացքին...

Լուիս Սուարեզ Երկու Տարուան  Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց  Կրեմիոյի Հետ

Լուիս Սուարեզ Երկու Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Կրեմիոյի Հետ

Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբին 35 տարեկան յառաջապահ Լուիս Սուարեզ միացաւ պրազիլական Կրեմիոյին: Պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ դեկտեմբեր 2024, այս գծով յայտարարեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Տարեշրջանին առաջին կէսը ան մաս կազմեց Նասիոնալի (Ուրուկուէյ), որուն հետ ան հանդիսացաւ երկրին ախոյեան: 12 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 5 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ: Լուիս Սուարեզ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած...

Թենիս.  Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ  Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Կարէն Խաչանով Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռուսահայ Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւստրալիոյ Ատըլէյտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ. -250» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, 6-4 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր մրցակիցին` ամերիկացի Ճէյք Տրէյփըրին, ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը: Խաչանովի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ իր յաղթանակը արձանագրեց սերպ Միոմիր Քեցմանովիչի դէմ, 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով: Նշենք, որ մրցաշարքին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.   Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Մրցումով  Աւարտեցան Երթի Մրցումները

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Մրցումով Աւարտեցան Երթի Մրցումները

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի երթի մրցումները հասան իրենց աւարտին, երբ կատարուեցաւ 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութի մրցումը, Շիահի մարզադաշտին վրայ: Մրցումը վերջ գտաւ հիւրընկալ կազմին` Պէյրութի յաղթանակով, 88-80 արդիւնքով (14-28, 28-12, 23-20 եւ 23-20): Յաղթական կազմէն 28 կէտ նշանակեց Ալի Հայտար, մինչ անոր խմբակից Քենեթ Հէյզ նշանակեց 21 կէտ: Ռիատիէն 22 կէտ նշանակեց Ուաէլ...

Վերջին Հրաժեշտ` Աշխարհահռչակ  Պրազիլցի Ֆութպոլիստ Փելէի

Վերջին Հրաժեշտ` Աշխարհահռչակ Պրազիլցի Ֆութպոլիստ Փելէի

Պրազիլի Սան Փաուլօ քաղաքի արուարձան Վիլա Պելմիրոյի շրջանին մէջ գտնուող «Սանթոս» մարզադաշտին մէջ երկուշաբթի, 2 յունուարին տեղի ունեցաւ վերջին հրաժեշտ աշխարհահռչակ անուանի ֆութպոլիստ, աշխարհի եռակի ախոյեան պրազիլցի Փելէի: Արարողութեան ներկայ էին նաեւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ եւ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Էտնալտօ Ռոտրիկեզ: Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Փելէի հայրենի Սանթոսի «Մեմորիալ Նեքրոփոլ Էքումենիքա»-ին մէջ, որ աշխարհի ամէնէն բարձր գերեզմանատունն է:...

Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն.   Հայկ Մ. Մարտիրոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ճատրակ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայկ Մ. Մարտիրոսեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ներկայացուցիչ 22 տարեկան Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Ալմա Աթայի մէջ (Ղազախստան) աւարտած աշխարհի ճատրակի կայծակնային ախոյեանութեան հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր. ան առաւելագոյն 21 կէտէն ապահովեց 15 կէտ: Անոր նման նոյնքան կէտ ապահովելով երկրորդ դիրքը գրաւեց ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա: 6-րդ անգամ ըլլալով տիտղոսին տիրացաւ միջազգային դասաւորման մէջ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն (16 կէտ): Նշենք, որ ան տիրացած էր նաեւ...

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Տարուան 10 Լաւագոյն Մարզիկներու  Պարգեւատրման Հանդիսութիւնը

Նախագահական Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Տարուան 10 Լաւագոյն Մարզիկներու Պարգեւատրման Հանդիսութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ, նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ 2022 տարուան 10 լաւագոյն մարզիկներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը, այս մասին յայտնեց նախագահի պաշտօնական կայքը: Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեան, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար Հրաչեայ Ռոստոմեան, ինչպէս նաեւ հայրենի մարզաշխարհի ներկայացուցիչներ: Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, շնորհաւորելով 10...

«Լիկ-1».   Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Պարտութիւնը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրը եղաւ Լանսին, անկէ կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը` 3-1 արդիւնքով: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Փրզեմիսլաւ Ֆրանքովսքի (5-րդ), Լոյիս Օփենտա (28-րդ) եւ Ալեքսիս Քլոտ-Մորիս (48-րդ), իսկ հիւր կազմին միակ կոլը` Հիւկօ Էքիթիքէ (8-րդ): Նշենք, որ փարիզեան կազմին յարձակողական գիծէն դաշտ ներկայացած էր միայն Քիլիան Էմպափէ: Արժանթինցի...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ  Միացաւ Նասըրի

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Միացաւ Նասըրի

Փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Նասըր ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ մինչեւ 2025 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 37 տարեկան յառաջապահին հետ: Անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի կազմէ 75 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ յաւելեալ 200 միլիոն ամերիկեան տոլար` տարբեր տեսակի ծանուցումներէն եւ դեսպանի պաշտօնին համար եկած եկամուտներէն: Նշենք, որ անոր նախորդ ակումբն էր Մանչեսթըր...

Քիլիան Էմպափէ` 2022 Տարուան  Աշխարհի Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Քիլիան Էմպափէ` 2022 Տարուան Աշխարհի Լաւագոյն Ռմբաձիգը

2022 տարուան աշխարհի լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ: Ակումբի եւ հաւաքականներու մրցաշարքերուն ան իր մասնակցութիւնը բերաւ 56 մրցումի եւ նշանակեց նոյնքան կոլ: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիի նորեկ, Նորվեկիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 22 յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ, որ տարուան առաջին կէսը մաս...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային  Հաւաքականը` Տարուան Լաւագոյն Խումբը

Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը` Տարուան Լաւագոյն Խումբը

Միջազգային մարզական մամուլի ֆետերասիոնը («ԷՅ. ԱՅ. ՓԻ. ԷՍ.»), Արժանթինի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը ճանչցաւ 2022 տարուան լաւագոյն խումբը, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցեցան 420 լրագրողներ` 113 երկիրներէ: Լիոնել Սքալոնիի խումբը ապահովեց ձայներուն 37 տոկոսը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Մարոքի ազգային խումբը, մինչ երրորդ հանդիսացաւ Ֆրանսա: Նշենք, որ Քաթարի մէջ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալին, Արժանթինի կազմը հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան: Լաւագոյն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 104-101

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ` 104-101

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 11-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ իրարու դէմ մրցեցան Անդրանիկ Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ): Նախքան այս մրցումը տեղի ունենալը, երկու կազմերն ալ արձանագրած էին երեքական յաղթական եւ կրած եօթնական պարտութիւն: Հիւրընկալ կազմը` Անդրանիկ Պէյրութ, արձանագրեց տարեշրջանի իր չորրորդ յաղթանակը` 104-101 արդիւնքով (37-30, 27-31, 26-14 եւ...

Page 335 of 1280 1 … 334 335 336 … 1,280

Արխիւներ