Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ բերդապահ Հիւկօ Լիորիս աւարտեց իր ելոյթները ազգային խումբին հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական հանրածանօթ մարզաթերթերէն «Լ՛էքիփ»-ը:
«Ըլլալով ազգային խումբի խմբապետը, տուի իմ առաւելագոյնս` լաւ արդիւնքներու հասնելու համար անոր հետ: Այժմ ժամանակը հասած է տեղս այլ բերդապահի մը տալու, որ իմ կարծիքովս` պէտք է ըլլայ Միք Մենիան, ըսաւ Նիսի մէջ ծնած 36 տարեկան բերդապահը:
Լիորիս, որ ազգային խումբին հետ կատարեց 145 միջազգային մրցում (ազգային մրցանիշ մը), 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ լոնտոնեան Թոթենհամին:


