Ֆրանսայի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող կազմերէն Նիս պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` զուիցերիացի Լիւսիեն Ֆաւրը, այս մասին յայտնեց ֆրանսական անուանի մարզաթերթերէն «Լ՛Էքիփ»-ը:
Քոթ տ՛Ազիւրի խումբին պատասխանատուները այս որոշումին յանգեցան, երբ կազմը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Գ. դասակարգի կազմերէն Լը Փիւյէն եւ դուրս մնաց Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքէն:
65 տարեկան մասնագէտը իր պաշտօնը ստանձնած էր նախորդ ամրան ընթացքին` փոխարինելով ֆրանսացի Քրիսթոֆ Կալթիէին, որ նշանակուած էր Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Նիս 21 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 11-րդ դիրքը:


