Մարզական

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք.  Վաղը` Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ Աւարտական

Սպանիոյ Ֆութպոլի Գերբաժակի Մրցաշարք. Վաղը` Պարսելոնա-Ռէալ Մատրիտ Աւարտական

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցող Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքը, վաղը` կիրակի, 15 յունուարին կը հասնի իր աւարտին, երբ կը կատարուի աւարտական հանգրուանի մրցումը, Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ, ժամը 20:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Ֆահտ թագաւորի անուան մարզադաշտին մէջ: Նշենք, որ երկու կազմերն ալ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին իրենց մրցակիցներուն յաղթելով փենալթիներով: Պարսելոնա յաղթեց Ռէալ Պեթիսին (2-2, իսկ փենալթիներով` 4-2),...

Ո՞վ Պիտի Ըլլայ Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Ազգային Խումբի Յաջորդ Խմբապետը

Ո՞վ Պիտի Ըլլայ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Յաջորդ Խմբապետը

Ինչպէս ծանօթ է, այս շաբաթասկիզբին լոնտոնեան Թոթենհամի մաս կազմող բերդապահ Հիւկօ Լիորիս եկաւ վերջ դնելու իր միջազգային արհեստավարժ ասպարէզին` Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: 36 տարեկան խմբապետը, որ նոյեմբեր 2008-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ֆրանսայի ֆութպոլի խումբին, անոր հետ ամէնէն շատ (145) մրցումներ կատարած ֆութպոլիստն է: Աշխարհի գործող փոխախոյեան Ֆրանսայի յաջորդ խմբապետի պաշտօնը ստանձնելու համար երեք թեկնածուներն են. յետսապահ...

Մեքսիքական Ակումբը  Իր Մարզադաշտին Մէջ  Գահ Տեղադրեց Ի Պատիւ Փելէին

Մեքսիքական Ակումբը Իր Մարզադաշտին Մէջ Գահ Տեղադրեց Ի Պատիւ Փելէին

Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ մեքսիքական Փաչուքա ֆութպոլի ակումբը իր մարզադաշտին մէջ գահ տեղադրեց ի պատիւ ֆութպոլի աստղ Փելէին: «Պատմութեան մեծագոյն արքայի գահը», նշուեցաւ մեքսիքական ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: Նշենք, որ աշխարհի եռակի ախոյեան հանդիսացած 82 տարեկան պրազիլցի Փելէ նախորդ 29 դեկտեմբերին մահացաւ: Փելէի այս գահը կը գտնուի այն թրիպիւնին մէջ, որ նախատեսուած է բարձրաստիճան հիւրերու եւ...

Հիլալ Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միացնել Մեսսին

Հիլալ Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միացնել Մեսսին

«Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ Հիլալ (Սէուտական Արաբիա) կ՛ուզէ իր կազմին միացնել արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին: Նշուեցաւ, որ Հիլալ պատրաստ է Մեսսիին առաջարկել, տարեկան 280 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Եթէ պատահի, որ փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտոյէն ետք Մեսսի իր կարգին միանայ Հիլալի, Սէուտական Արաբիոյ յոյսերը բաւական պիտի մեծնան, որպէսզի անիկա կարենայ հիւրընկալել 2030-ի Մոնտիալը: Նշենք, որ 35 տարեկան Մեսսիի պայմանագրութիւնը` Փարիզ Սեն...

Փոլ Փոկպա Իր Ստացած Վնասուածքէն Ետք  Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Փոլ Փոկպա Իր Ստացած Վնասուածքէն Ետք Վերսկսաւ Իր Փորձերուն

Իտալական Եուվենթուսի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող միջնապահ Փոլ Փոկպա, վերականգնելով իր ստացած վնասուածքէն, վերսկսաւ իր փորձերուն, իտալացի Մասիմիլիանօ Ալլեկրիի գլխաւորած կազմին ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: 29 տարեկան ֆութպոլիստը վնասուածք ստացած էր նախորդ ամառ, Միացեալ Նահանգներու մէջ, տարեշրջանի մեկնարկէն առաջ: Ան սեպտեմբերին վիրաբուժութեան ենթարկուած էր, այդ պատճառով ալ բացակայած` 2022-ի Մոնտիալէն: Կ՛ակնկալուի, որ...

Ռոմելու Լուքաքու Դարձեալ  Վնասուածք Ստացաւ

Ռոմելու Լուքաքու Դարձեալ Վնասուածք Ստացաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան, Ինթեր Միլանի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու դարձեալ վնասուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Պելճիքացի ֆութպոլիստը, որ վիրաւորեց իր ձախ ոտքը, պիտի բացակայի իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած կազմին յաջորդ քանի մը մրցումներէն: Նախորդ ամառ լոնտոնեան Չելսիէն Ինթեր Միլան վերադառնալէ ետք Ռոմելու Լուքաքու արդէն իր երրորդ վնասուածքը կը ստանայ: Ան այս տարեշրջանին բացակայեցաւ իր կազմին կատարած 16 մրցումէն,...

Անգլիոյ Ֆութպոլի  Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք.  Յստակացան Կիսաւարտականին  Հասնող Խումբերը

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող Խումբերը

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին արձանագրուած քառորդ աւարտականի մրցումներու արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին իրենց տոմսերը ապահովող խումբերուն անունները: Մանչեսթըր Եունայթըտ կը մրցի Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ, մինչ Նիւքասըլ Եունայթըտ իր դէմ պիտի ունենայ Սաութհեմփթընը: Մրցումները տեղի պիտի ունենան երկուշաբթի, 23 յունուարին: Քառորդ աւարտականի մրցումներուն Սաութհեմփթըն յաղթեց ախոյեան Մանչեսթըր Սիթիին (2-0), Նիւքասըլ` Լայսթըր Սիթիին (2-0), Մանչեսթըր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 13-րդ եւ դարձի երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 13 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ռիատի Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Ռիատիի դաշտին` Մանարայի մէջ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն ճիգ ի գործ դնել եւ խմբային լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկել` յաղթանակ արձանագրելու նպատակով: Նշենք,...

Ըմբշամարտ.  Հայաստանի Յունահռոմէական Եւ Ազատ Ոճի  Հաւաքականներուն Հաւաքը` Ծաղկաձորի Մէջ

Ըմբշամարտ. Հայաստանի Յունահռոմէական Եւ Ազատ Ոճի Հաւաքականներուն Հաւաքը` Ծաղկաձորի Մէջ

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի յունահռոմէական եւ ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականները յատուկ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ: Հաւաքականներուն մէջ ընդգրկուած են ազգային եւ երիտասարդական հաւաքականներուն մաս կազմող շուրջ 80 մարզիկներ: Խումբերը հոն իրենց հաւաքը պիտի շարունակեն մինչեւ 22 փետրուար, որմէ ետք իրենց փորձերը պիտի շարունակեն Օլիմփիաւանի մէջ:

Թենիս.  Էլինա Դանիէլեան Պարտուեցաւ` Աւստրալիոյ  Կրան Շլեմի Մրցաշարքի Կիսաւարտականի  Զտումի Մրցումին

Թենիս. Էլինա Դանիէլեան Պարտուեցաւ` Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարքի Կիսաւարտականի Զտումի Մրցումին

Ռուսահայ Էլինա Դանիէլեան չկրցաւ ապահովել Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի զտումի աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը: 20 տարեկան Դանիէլեան, որ կիսաւարտականին մրցեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Սոֆի Չանի դէմ, անկէ կրեց 3-6, 7-5 եւ 3-6 արդիւնքով պարտութիւն մը եւ բնականաբար դուրս մնաց հետագայ պայքարէն: Աւարտականին Սոֆիի մրցակիցը պիտի ըլլայ ռուս Օքսանա Սելեխմեթիեւա:  

Լը Կրայէ Հեռացուեցաւ Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Ֆետերասիոնի Նախագահի Պաշտօնէն

Լը Կրայէ Հեռացուեցաւ Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Նախագահի Պաշտօնէն

Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի գործադիր կոմիտէն, իր գումարած արտակարգ ժողովին ընթացքին, որոշեց պաշտօնէն հեռացնել Ֆրանսայի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Նոյել Լը Կրայէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Կազմակերպութեան նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը պիտի ըլլայ փոխնախագահ Ֆիլիփ Տիալօ: Նշուեցաւ, որ այս ամսուան ընթացքին պիտի ստուգուի 81 տարեկան Լը Կրայէի գործունէութիւնը` ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին գծով, որ ան կը վարէ 2011-էն ի վեր: Նշենք, որ...

«Լիկ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն Վեց Կէտի  Առաւելութեամբ` Առաջին

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն Վեց Կէտի Առաւելութեամբ` Առաջին

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լիկ-1») 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ հիւրընկալեց ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող Անժէն, անոր դէմ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին 5-րդ վայրկեանին, Ուկօ Էքիթիքէ նշանակեց փարիզցիներուն առաջին կոլը, մինչ 74-րդ վայրկեանին Լիոնել Մեսսի արդիւնքը վերածեց 2-0-ի: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ֆրանսացի մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէի գլխաւորած կազմը ամրապնդեց...

«Այ. Էֆ. Էֆ. Էյչ. Էս.»  2022-ի Աշխարհի Ֆութպոլի  Խորհրդանշական Հաւաքականը

«Այ. Էֆ. Էֆ. Էյչ. Էս.» 2022-ի Աշխարհի Ֆութպոլի Խորհրդանշական Հաւաքականը

Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնը («ԱՅ. ԷՖ. ԷՖ. ԷՅՉ. ԷՍ.») ներկայացուց 2022-ի աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստներուն խորհրդանշական հաւաքականը: Հրապարակուած հաւաքականին մաս կազմեցին. Բերդապահ` Թիպօ Քուրթուա (Պելճիքա, Ռէալ Մատրիտ): Յետսապահներ` Ալֆոնսօ Տէյվիս (Քանատա, Պայէրն Միւնիխ), Վիրճիլ Վան Տիյք (Նետերլանտներ, Լիվըրփուլ), Եոշքօ Կուարտիոլ (Խրուաթիա, Լայփցիկ), Աշրաֆ Հաքիմի (Մարոք, Փարիզ Սեն Ժերմեն): Միջնապահներ` Քեւին Տը Պրույնը (Պելճիքա, Մանչեսթըր Սիթի), Լուքա Մոտրիչ (Խրուաթիա, Ռէալ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Չելսի  Կը Պայքարին Հերի Քէյնի Համար

Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Չելսի Կը Պայքարին Հերի Քէյնի Համար

Միջազգային մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ անգլիական երկու ակումբներ` Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Չելսի, կը պայքարին իրենց կազմին միացնելու համար լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող յառաջապահ Հերի Քէյնը: Անոր փոխանցման գումարը, ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, կրնայ ըլլալ 100 միլիոն սթերլինկ: 29 տարեկան Քէյն, որ 2013-էն ի վեր ելոյթ կ՛ունենայ Թոթենհամի հետ, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ յունիս 2024: Անգլիոյ ֆութպոլի...

Սթիւըն Ժերար Առաջարկ Մը  Ստացաւ Լեհաստանէն

Սթիւըն Ժերար Առաջարկ Մը Ստացաւ Լեհաստանէն

Լիվըրփուլի անցեալի անուանի աստղ Սթիւըն Ժերար, առաջարկ մը ստացաւ մարզելու Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ շատ հաւանական է, որ Ժերար ստանձնէ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը, որ թափուր մնացած էր Սզեսլաւ Միշնիեւիչի պաշտօնանկ ըլլալէն ետք: 42 տարեկան անգլիացի մարզիչին նախկին ակումբն էր` Ասթոն Վիլան, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ հոկտեմբերին:  

Օպամեյանկ Շատ Հաւանաբար  Վերադառնայ «Լա Լիկա»

Օպամեյանկ Շատ Հաւանաբար Վերադառնայ «Լա Լիկա»

Լոնտոնեան Չելսիին մաս կազմող յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ, որ վերջերս տեղափոխուեցաւ Անգլիա, շատ հաւանական է, որ 2023-ի ձմրան ընթացքին փոխէ իր ակումբը: Ըստ անգլիական մարզական մամուլին, 33 տարեկան ֆութպոլիստով բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտ: 2022-2023 տարեշրջանի նախօրեակին կապոնցի ֆութպոլիստը Պարսելոնայէն տեղափոխուած էր Չելսի: Ան անգլիական ակումբին հետ ցարդ 15 մրցումի ընթացքին նշանակած է 3 կոլ:

Ֆերան Թորես Եւ Սթեֆան Սաւիչ «Լա Լիկա»-ի  Երկուքական Մրցումով Կախակայուեցան

Ֆերան Թորես Եւ Սթեֆան Սաւիչ «Լա Լիկա»-ի Երկուքական Մրցումով Կախակայուեցան

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող յետսապահ Սթեֆան Սաւիչ եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Ֆերան Թորես, «Լա Լիկա»-ի գծով երկուքական մրցումով կախակայուեցան: Անոնք երկուքը, որոնք իրարու հետ կռուի բռնուած էին եւ իրարու հետ քաշքշուք ունեցած, վերոնշեալ մրցումին կորսուած վայրկեաններուն կարմիր քարտ ստանալով դաշտէն վտարուած էին: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած «Լա Լիկա»-ի 16-րդ հանգրուանի այդ մրցումը աւարտած...

Ճատրակ.  Այսօր Կը Սկսին Հայաստանի Տղոց  Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնները

Ճատրակ. Այսօր Կը Սկսին Հայաստանի Տղոց Եւ Աղջկանց Ախոյեանութիւնները

Այսօր` հինգշաբթի, 12 յունուարին, կը սկսին Հայաստանի տղոց 83-րդ եւ աղջկանց 78-րդ ճատրակի ախոյեանութիւնները, Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան-մարզադպրոցի սրահին մէջ: Աղջկանց ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի կիրակի, 22 յունուարին, իսկ տղոց ախոյեանութիւնը` երեքշաբթի, 24 յունուարին: Մրցումները տեղի պիտի ունենան ամէն օր` առանց հանգստեան օրերու: Տղոց ախոյեանութեան պիտի մասնակցին Մանուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Զաւէն Անդրէասեան,...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Տարեսկիզբին

Կռփամարտ. Հայաստանի Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Տարեսկիզբին

Հայաստանի կռփամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ Հայաստանի 2023-ի կռփամարտի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 յունուարէն 4 փետրուար: Հայաստանի ախոյեանութիւնը ընտրական բնոյթ պիտի կրէ եւ յառաջատարներով կազմուելիք հաւաքականը, Երեւանի մէջ կարճատեւ հաւաք կատարելով, պիտի մեկնի Սոֆիա (Պուլկարիա)` մասնակցելու համար միջազգային մրցաշարքի մը: Ապա, հայրենի կազմը պիտի նախապատրաստուի...

Հայաստանի Խումբը Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Կը Մասնակցի Համաշխարհային Իւնիվերսիատային

Հայաստանի Խումբը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Կը Մասնակցի Համաշխարհային Իւնիվերսիատային

Հայաստանի ուսանողական պատուիրակութիւնը, 12-22 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու Լէյք Փլէյսիթ քաղաքին մէջ կը մասնակցի ձմեռնային համաշխարհային 31-րդ Իւնիվերսիատային, որ ողիմպիական խաղերէն ետք ձմեռնային մարզաձեւերու մեծագոյն մրցաշարքն է: Հայաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն վեց մարզիկներ, որոնք հանդէս պիտի գան չորս մարզաձեւերու մէջ: Հայաստանի ներկայացուցիչները պիտի ըլլլան Մարինա Ասոյեան (մենասահորդ), Արթուր Կրուզտեւ-Վիքթորիա Ազրոյեան (գեղասահքի պարի զոյգը), դահուկավազորդ Միքայէլ Միքայէլեան, լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեան եւ...

Page 333 of 1280 1 … 332 333 334 … 1,280

Արխիւներ