Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեան Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ փետրուարին Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) պիտի կատարէ մարզական հաւաք մը, որուն ծիրին մէջ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական հինգ մրցում:
Անոր երեք մրցակիցները արդէն իսկ յստակացած են. առաջինը պիտի ըլլայ Ուրարտու Երեւան, մինչ մնացեալ երկուքը` Ուրալ Եքաթերինպուրկ եւ Ճոխոր (Մալեզիա), այս մասին յայտնեց ռուսական մարզական մամուլը:
Այդ հաւաքէն (1-14 փետրուար) ետք Ռուսիոյ ախոյեանը պիտի մեկնի Իրան, ուր 17 փետրուարին պիտի կատարէ բարեկամական մրցում մը` իրանեան Սպահանի դէմ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը պիտի վերսկսի 4 մարտին: