Կալեսի ֆութպոլի ազգային խումբի 33 տարեկան յառաջապահ Կերըթ Պէյլ նախորդ շաբաթավերջին յայտարարեց, որ կու գայ վերջ դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին:
Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Ռէալ Մատրիտի, Սաութհեմփթընի, Թոթենհամի, Ռէալ Մատրիտի եւ ամերիկեան Լոս Անճելըս Կալաքսիի:
Սպանական ակումբին հետ ան հանդիսացած է Սպանիոյ եռակի ախոյեան, «Չեմփիընզ Լիկ»-ի հնգակի բաժակակիր, աշխարհի ակումբներու քառակի ախոյեան, Եւրոպայի կրկնակի գերբաժակակիր, ինչպէս նաեւ Սպանիոյ բաժակակիր եւ գերբաժակակիր:


