Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, յառաջիկայ ամրան, երբ սկսին մարզիկներու փոխանցումները, Փարիզ Սեն Ժերմեն կը մտադրէ բաժնուիլ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարէն:
Կը նշուի, որ 30 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը տալու համար մայրաքաղաքի կազմը կը պահանջէ 100 միլիոն եւրօ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, փարիզեան ակումբը կը մտադրէ աւելիով կեդրոնանալ Քիլիան Էմպափէի եւ Լիոնել Մեսսիի շուրջ: