Մարզական

Մահացաւ Հայաստանի Ըմբշամարտի  Ֆետերասիոնին Առաջին Նախագահը

Մահացաւ Հայաստանի Ըմբշամարտի Ֆետերասիոնին Առաջին Նախագահը

Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ մահացաւ անկախ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնի առաջին նախագահ Հայրապետ Հայրապետեան. ան 74 տարեկան էր: Ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքին եւ անոր հարազատներուն:    

Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու  Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Ահլի

Աշխարհի Ֆութպոլի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` Ռէալ Մատրիտ-Ահլի

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին կը մրցի եգիպտական Ահլիի դէմ, աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ: Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Վնասուածքի պատճառով Ռէալի ցանկէն կը բացակային Ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, ինչպէս նաեւ պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա: Ըստ սպանական մարզական մամուլին, անոնք երկուքը սակայն ապաքինած պիտի ըլլան մինչեւ 11 փետրուար,...

Չելսի Կը Դիտարկէ Լուիս  Էնրիքէի Թեկնածութիւնը

Չելսի Կը Դիտարկէ Լուիս Էնրիքէի Թեկնածութիւնը

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը կը դիտարկէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի, Պարսելոնայի եւ Սելթա Վիկոյի նախկին գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէի թեկնածութիւնը: Նշուեցաւ, որ Չելսի պիտի հեռացնէ անգլիացի Կրեհեմ Փոթըրը, եթէ տարեշրջանի գարնանային հատուածին խումբը չբարելաւէ իր դիրքը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Չելսի այժմ 30 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ...

2022-ի Մոնտիալէն Ետք Զիտան Պիտի Ստանձնէ  Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Զիտան Համաձայնութեան Եկաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Հետ, Բայց…

Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան նախնական համաձայնութեան եկաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ եւ շատ հաւանաբար փոխարինէ այժմու մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթէն: Սակայն ֆրանսացին նախապայման դրած է մայրաքաղաքի կազմին, թէ չ՛ուզեր աշխատիլ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ: Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, յառաջիկայ ամրան ընթացքին փարիզեան կազմը պիտի ծախէ Նէյմարը եւ անոր փոխարէն խումբին միացնէ Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին...

Քարլոս Քիյերոս Նշանակուեցաւ Քաթարի  Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

Քարլոս Քիյերոս Նշանակուեցաւ Քաթարի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ

2022-ի Մոնտիալի աւարտէն ետք, Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբէն հեռացած փորթուգալցի Քարլոս Քիյերոս գլխաւորեց Քաթարի ֆութպոլի ազգային խումբը, այս մասին յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 69 տարեկան Քիյերոս այսպիսով փոխարինեց սպանացի Ֆելիքս Սանչես Պասին, որ արաբական խումբը կը գլխաւորէր 2017-էն ի վեր: Նշենք, որ Քիյերոս նախապէս գլխաւորած է կարգ մը երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբեր, որոնց կարգին` Փորթուգալը, Քոլոմպիան եւ Եգիպտոսը,...

Անտրէ Պրայթընռայթըր  Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Անտրէ Պրայթընռայթըր Կորսնցուց Իր Պաշտօնը

Գերմանական Հոֆընհայմ ֆութպոլի խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ ըրաւ գլխաւոր մարզիչ Անտրէ Պրայթընռայթըրը: Գերմանացի մասնագէտը, որ խումբը գլխաւորեց այս տարեշրջանին սկիզբը, իր կազմին հետ «Պունտըսլիկա»-ի 19 մրցումներէն ապահովեց միայն 19 կէտ: Հոֆընհայմ նախորդ 14 հոկտեմբերէն ի վեր Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել:  

Ֆրանսայի Ֆութպոլի  Բաժակ Մրցաշարք.  Այսօր` Մարսէյ-Փարիզ  Սեն Ժերմեն Տաք Ճակատում

Ֆրանսայի Ֆութպոլի Բաժակ Մրցաշարք. Այսօր` Մարսէյ-Փարիզ Սեն Ժերմեն Տաք Ճակատում

Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, կը կատարուին եօթը ճակատումներ: Կարեւորագոյն մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Օրընճ-Վելոտրոմ» մարզադաշտին մէջ, ուր Մարսէյ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:10-ին (Պէրութի ժամանակացոյցով), մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ֆրանսուա Լեթեքսիէ: Այլ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Լիոն-Լիլ ճակատումը:  

Լիծ Եունայթըտ Պաշտօնանկ  Ըրաւ Իր Մարզիչը

Լիծ Եունայթըտ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի կազմերէն Լիծ Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ճեսս Մարշը: Լիծ, որ իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նոթինկհամ Ֆորեսթի դաշտին վրայ, այժմ 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 18 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 17-րդ դիրքը: Ամերիկացի մասնագէտը խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 28 փետրուար 2022-ին:  

Պասքեթպոլ.  Ռիատի Պէյրութ Տիտղոսակիր`  Տուպայի Մէջ

Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Տիտղոսակիր` Տուպայի Մէջ

Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած պասքեթպոլի 32-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով, որ զուտ լիբանանեան աւարտականին, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 86-85 արդիւնքով յաղթեց Տինամոյին: Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիէն Ամիր Սէուտ (27): Այսպիսով, Ռիատի 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ Ռիատիէն Ուաէլ Արաքժի, մինչ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիչը` Ժատ Հաժ (Տինամօ):  

Հայրենի Ըմբիշները Ուսումնամարզական  Հաւաք Կը Կատարեն Օլիմփիաւանի Մէջ

Հայրենի Ըմբիշները Ուսումնամարզական Հաւաք Կը Կատարեն Օլիմփիաւանի Մէջ

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մեծերու եւ երիտասարդական հաւաքականները նախորդ շաբաթավերջին ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսան Օլիմփիաւանի մէջ` պատրաստուելու համար յառաջիկային տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքերու: Միջազգային առաջին մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Ռիազանի մէջ (Ռուսիա), ապա անոնք պիտի մասնակցին Իրանի մէջ կատարուելիք Իսֆահանի մրցաշարքին, ապա Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք Տան Քոլովի եւ Նիքոլա Փեթրովի անուան մրցաշարքերուն: Վերոնշեալ մրցաշարքերը մեծապէս պիտի նպաստեն հայրենի...

Ուրարտու Պարտութիւն Մը Կրեց,  Մինչ Արարատ-Արմենիա Արձանագրեց  Հաւասարութիւն Մը

Ուրարտու Պարտութիւն Մը Կրեց, Մինչ Արարատ-Արմենիա Արձանագրեց Հաւասարութիւն Մը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ մարզական հաւաք մը կատարող Ուրարտու, որ մրցեցաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ, անկէ կրեց նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը: Նշենք, որ Ուրարտու Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յառաջատարն է, իսկ Լոքոմոթիւ Մոսկուա Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ 14-րդ դիրքը: Իր կարգին, վերոնշեալ երկրին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող Արարատ-Արմենիա, որ մրցեցաւ ռուսական Ուրալ Եքաթերինպուրկի դէմ, անոր...

Հերի Քէյն` «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ  200 Կոլ Նշանակած Երրորդ Ֆութպոլիստը

Հերի Քէյն` «Փրեմիեր Լիկ»-ին Մէջ 200 Կոլ Նշանակած Երրորդ Ֆութպոլիստը

Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի Հերի Քէյն նախորդ շաբաթավերջին նշանակեց իր 200-րդ կոլը` Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումին: Անոր նշանակած այդ կոլին շնորհիւ Թոթենհամ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` գործող ախոյեանին դէմ: Այսպիսով, ան հանդիսացաւ «Փրեմիեր Լիկ»-ի երրորդ ֆութպոլիստը, որ կը նշանակէ 200 կոլ (304 մրցումի ընթացքին): Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Էլըն Շիրըր (260...

Թոմաս Միւլըր Կրկնեց  Կերթ Միւլըրի Ցուցանիշը

Թոմաս Միւլըր Կրկնեց Կերթ Միւլըրի Ցուցանիշը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր կրկնեց ակումբին անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Կերթ Միւլըրի ցուցանիշը, «Օփթա» վիճակագրական կայքին համաձայն: Վոլսֆպուրկի դէմ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 33 տարեկան ֆութպոլիստ` Թոմաս Միւլըր, որ 427-րդ անգամ ըլլալով խաղադաշտ մուտք գործեց միւնիխեան ակումբին մարզաշապիկով,  այդ ցուցանիշով հաւասարեցաւ իր ազգակիցին` Կերթ Միւլըրին: Նշենք, որ 15 օգոստոս 2021-ին մահացած...

Քանաւարօ Կորսնցուց  Մարզիչի Իր Պաշտօնը

Քանաւարօ Կորսնցուց Մարզիչի Իր Պաշտօնը

Իտալական Պենեւենթօ ֆութպոլի ակումբը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ֆապիօ Քանաւարոն, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր սեպտեմբեր 2022-ին: Այժմ Պենեւենթօ կը գրաւէ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը` իր կատարած 23 մրցումներէն ապահովելով 23 կէտ: Նշենք, որ իբրեւ ֆութպոլիստ ան Եուվենթուսի հետ երկու անգամ հանդիսացած է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Ռէալ Մատրիտի հետ երկու անգամ` Սպանիոյ...

«Լա Լիկա». Էլչէ Վերջապէս Արձանագրեց Տարեշրջանի  Իր Առաջին Յաղթանակը

«Լա Լիկա». Էլչէ Վերջապէս Արձանագրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Յաղթանակը

Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ Բաւական երկար սպասումէ մը ետք եւ իր կատարած նախորդ 19 մրցումներուն 6 հաւասարութիւն արձանագրած եւ 13 պարտութիւն կրած Էլչէ, վերջապէս յաջողեցաւ արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը, երբ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումերուն 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Վիարէալը: Էլչէի այս յաղթանակը կերտեց Փերէ Միլա, որ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (3-րդ, 45+3-րդ` փենալթիով եւ 52-րդ` փենալթիով): Այսպիսով,...

«Քալչիօ».  Միլանեան Տերպին Աւարտեցաւ  Ինթերի Յաղթանակով

«Քալչիօ». Միլանեան Տերպին Աւարտեցաւ Ինթերի Յաղթանակով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի ախոյեանը` Ա. ՍԷ. Միլան, հիւրը եղաւ փոխախոյեան Ինթեր Միլանի: Միլանեան այս տերպին աւարտեցաւ Ինթերի յաղթանակով, որ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզի նշանակած կոլին (34-րդ): Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ինթերի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, փոխարինուեցաւ 71-րդ վայրկեանին: Այսպիսով, վեց տարուան...

«Պունտըսլիկա».  Պայէրն Միւնիխ Շարունակեց Կէտի Մը Առաւելութեամբ Մնալ Առաջին

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Շարունակեց Կէտի Մը Առաւելութեամբ Մնալ Առաջին

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Պունտըսլիկա») 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին գործող ախոյեանը` Պայէրն Միւնիխ, շարունակեց մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ` 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Վոլֆսպուրկի դաշտէն: Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին ֆրանսացի Քինկզլի Քոման (9-րդ եւ 14-րդ) եւ գերմանացիներ Թոմաս Միւլըր (19-րդ) եւ Ժամալ Մուսիալա (73-րդ): Պայէրնէն 54-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ Ժոշուա Քիմիչ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Պայէրն, որ ունեցաւ...

«Լիւ-1».  Փարիզ Սեն Ժերմեն 8 Կէտի  Առաւելութեամբ Առաջին

«Լիւ-1». Փարիզ Սեն Ժերմեն 8 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին

Օգտուելով Մարսէյի (2-րդ) կրած պարտութենէն եւ Լանսի (3-րդ) արձանագրած հաւասարութենէն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թուլուզը: Նիս, որ նախորդ հանգրուանին յաղթած էր Լանսի, այս անգամ դարձեալ իր յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտէն դուրս, «Վելոտրոմ»-ի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մարսէյը: Իսկ Լանս ոչ համոզիչ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պրեսթի դաշտին վրայ`...

Սթեֆըն Քարի Վնասուածք Ստացաւ

Սթեֆըն Քարի Վնասուածք Ստացաւ

«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող մարզիկ Սթեֆըն Քարի վնասուածք ստացաւ: 34 տարեկան ամերիկացին, որ ձախ ոտքի վնասուածք ստացաւ Տալաս Մավըրիքսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին երրորդ քորթըրին, քանի մը շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ Քարի պիտի բացակայի նաեւ 19 փետրուարին նախատեսուած «Օլ Սթար»-ի մրցումէն: Քարի, որ այս...

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Աղջկանց 16 Տարեկանէն Վար Ազգային  Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Աղջկանց 16 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբին Երկրորդ Յաղթանակը

Իրաքի Սիւլէյմանիէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ աղջկանց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը, այս անգամ պարտութեան մատնելով Սուրիան` 58-41 արդիւնքով: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանան 59-32 արդիւնքով յաղթած էր Պաղեստինին: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Լիբանան, Իրաք, Սուրիա եւ Պաղեստին: Լիբանանի վերջին մրցակիցը պիտի ըլլայ մրցաշարքը հիւրընկալող...

Page 323 of 1280 1 … 322 323 324 … 1,280

Արխիւներ