Անգլիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի կազմերէն Լիծ Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ճեսս Մարշը:
Լիծ, որ իր կատարած վերջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նոթինկհամ Ֆորեսթի դաշտին վրայ, այժմ 22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք 18 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 17-րդ դիրքը:
Ամերիկացի մասնագէտը խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 28 փետրուար 2022-ին: