Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ մարզական հաւաք մը կատարող Ուրարտու, որ մրցեցաւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի դէմ, անկէ կրեց նուազագոյն հաշուով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ Ուրարտու Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան յառաջատարն է, իսկ Լոքոմոթիւ Մոսկուա Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:
Իր կարգին, վերոնշեալ երկրին մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կատարող Արարատ-Արմենիա, որ մրցեցաւ ռուսական Ուրալ Եքաթերինպուրկի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Արարատ-Արմենիա մինչեւ 19 փետրուար պիտի շարունակէ իր հաւաքը: