«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող մարզիկ Սթեֆըն Քարի վնասուածք ստացաւ:
34 տարեկան ամերիկացին, որ ձախ ոտքի վնասուածք ստացաւ Տալաս Մավըրիքսի դէմ տեղի ունեցած մրցումին երրորդ քորթըրին, քանի մը շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն:
Ասիկա կը նշանակէ, որ Քարի պիտի բացակայի նաեւ 19 փետրուարին նախատեսուած «Օլ Սթար»-ի մրցումէն:
Քարի, որ այս տարեշրջանին իր կազմին հետ դաշտ ներկայացած է 38 մրցումի, իւրաքանչիւր հանդիպումի միջին հաշուով նշանակած է 29,4 կէտ, 6,3 ռիպաունտ եւ 6,4 էսիսթ: