Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի մեծերու եւ երիտասարդական հաւաքականները նախորդ շաբաթավերջին ուսումնամարզական հաւաքի մը սկսան Օլիմփիաւանի մէջ` պատրաստուելու համար յառաջիկային տեղի ունենալիք միջազգային մրցաշարքերու:
Միջազգային առաջին մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Ռիազանի մէջ (Ռուսիա), ապա անոնք պիտի մասնակցին Իրանի մէջ կատարուելիք Իսֆահանի մրցաշարքին, ապա Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք Տան Քոլովի եւ Նիքոլա Փեթրովի անուան մրցաշարքերուն:
Վերոնշեալ մրցաշարքերը մեծապէս պիտի նպաստեն հայրենի մարզիկներուն` լաւագոյն ձեւով պատրաստուելու համար Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն: