Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբը կը դիտարկէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի, Պարսելոնայի եւ Սելթա Վիկոյի նախկին գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէի թեկնածութիւնը:
Նշուեցաւ, որ Չելսի պիտի հեռացնէ անգլիացի Կրեհեմ Փոթըրը, եթէ տարեշրջանի գարնանային հատուածին խումբը չբարելաւէ իր դիրքը` «Փրեմիեր Լիկ»-ի ընդհանուր դասաւորման մէջ:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Չելսի այժմ 30 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 9-րդ դիրքը: