«Չեմփիընզ Լիկ»-ի գործող ախոյեան Ռէալ Մատրիտ այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին կը մրցի եգիպտական Ահլիի դէմ, աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի ծիրին մէջ:
Մրցումին մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Վնասուածքի պատճառով Ռէալի ցանկէն կը բացակային Ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, ինչպէս նաեւ պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա:
Ըստ սպանական մարզական մամուլին, անոնք երկուքը սակայն ապաքինած պիտի ըլլան մինչեւ 11 փետրուար, անշուշտ եթէ արքայական ակումբը կարենայ հասնիլ աւարտականին: