Օգտուելով Մարսէյի (2-րդ) կրած պարտութենէն եւ Լանսի (3-րդ) արձանագրած հաւասարութենէն, երկրին գործող ախոյեանը` Փարիզ Սեն Ժերմեն ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թուլուզը:
Նիս, որ նախորդ հանգրուանին յաղթած էր Լանսի, այս անգամ դարձեալ իր յաղթանակը արձանագրեց իր դաշտէն դուրս, «Վելոտրոմ»-ի մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մարսէյը:
Իսկ Լանս ոչ համոզիչ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Պրեսթի դաշտին վրայ` իր հաւասարութեան կոլը նշանակելով 83-րդ վայրկեանին:
22-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Փարիզ Սեն Ժերմեն ունի 54 կէտ, իսկ Մարսէյ եւ Լանս` 46-ական կէտ:
Մոնաքօ, որ կը գրաւէ չորրորդ դիրքը, ունի 44 կէտ: