Իտալական Պենեւենթօ ֆութպոլի ակումբը նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ իր գլխաւոր մարզիչը` Ֆապիօ Քանաւարոն, որ իր պաշտօնը ստանձնած էր սեպտեմբեր 2022-ին:
Այժմ Պենեւենթօ կը գրաւէ Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը` իր կատարած 23 մրցումներէն ապահովելով 23 կէտ:
Նշենք, որ իբրեւ ֆութպոլիստ ան Եուվենթուսի հետ երկու անգամ հանդիսացած է Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Ռէալ Մատրիտի հետ երկու անգամ` Սպանիոյ ախոյեան, իսկ 2006-ի Մոնտիալին Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ` աշխարհի ախոյեան: