Ռէալ Մատրիտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Զինետտին Զիտան նախնական համաձայնութեան եկաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ եւ շատ հաւանաբար փոխարինէ այժմու մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթէն:
Սակայն ֆրանսացին նախապայման դրած է մայրաքաղաքի կազմին, թէ չ՛ուզեր աշխատիլ պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հետ:
Ըստ ֆրանսական մարզական մամուլին, յառաջիկայ ամրան ընթացքին փարիզեան կազմը պիտի ծախէ Նէյմարը եւ անոր փոխարէն խումբին միացնէ Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ուսման Տեմպելէն, որուն հետ պատրաստ է գործակցիլ Զիտան:
Նշենք, որ 31 տարեկան Նէյմարի պայմանագրութիւնը Սեն Ժերմենի հետ կ՛աւարտի յունիս 2025: