Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Թոմաս Միւլըր կրկնեց ակումբին անցեալի անուանի ֆութպոլիստ Կերթ Միւլըրի ցուցանիշը, «Օփթա» վիճակագրական կայքին համաձայն:
Վոլսֆպուրկի դէմ տեղի ունեցած Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 33 տարեկան ֆութպոլիստ` Թոմաս Միւլըր, որ 427-րդ անգամ ըլլալով խաղադաշտ մուտք գործեց միւնիխեան ակումբին մարզաշապիկով, այդ ցուցանիշով հաւասարեցաւ իր ազգակիցին` Կերթ Միւլըրին:
Նշենք, որ 15 օգոստոս 2021-ին մահացած Կերթ Միւլըր Պայէրնին մաս կազմած է 1964-1979 տարիներուն, մինչ Թոմաս Միւլըր Պայէրնի հետ ելոյթ կ՛ունենայ 2009-էն ի վեր: