Արմէն Մելիքբէկեան Ընդունեց Հայաստանի Բոլոր Հաւաքականներու Մարզիչները
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Արմէն Մելիքբէկեան կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Հայաստանի բոլոր հաւաքականներու մարզիչները: Ինչպէս յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը, տարբեր տարիքային հաւաքականներու մէջ, տեղի ունեցան մարզիչներու նոր նշանակումներ: Հայաստանի 14 տարեկանէն վար հաւաքականը գլխաւորեց Տիրան Ղազարեան, 15 տարեկանէն վար հաւաքականը` Էրիկ Նազարեան, 17 տարեկանէն վար հաւաքականը` Արմէն Պետրոսեան, 18 տարեկանէն վար հաւաքականը` Վահագն Մինասեան, 19 տարեկանէն վար հաւաքականը` Ռազմիկ Գրիգորեան:...




















