Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած պասքեթպոլի 32-րդ միջազգային մրցաշարքը աւարտեցաւ Ռիատի Պէյրութի յաղթանակով, որ զուտ լիբանանեան աւարտականին, կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 86-85 արդիւնքով յաղթեց Տինամոյին:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռիատիէն Ամիր Սէուտ (27):
Այսպիսով, Ռիատի 8-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Մրցաշարքի լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ Ռիատիէն Ուաէլ Արաքժի, մինչ մրցաշարքին լաւագոյն մարզիչը` Ժատ Հաժ (Տինամօ):