Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 8 փետրուարին, կը կատարուին եօթը ճակատումներ:
Կարեւորագոյն մրցումը տեղի պիտի ունենայ «Օրընճ-Վելոտրոմ» մարզադաշտին մէջ, ուր Մարսէյ պիտի հիւրընկալէ Փարիզ Սեն Ժերմենը:
Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:10-ին (Պէրութի ժամանակացոյցով), մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Ֆրանսուա Լեթեքսիէ:
Այլ հետաքրքրական մրցում մը կը խոստանայ ըլլալ Լիոն-Լիլ ճակատումը: