Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրի ախոյեանը` Ա. ՍԷ. Միլան, հիւրը եղաւ փոխախոյեան Ինթեր Միլանի:
Միլանեան այս տերպին աւարտեցաւ Ինթերի յաղթանակով, որ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզի նշանակած կոլին (34-րդ):
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ինթերի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, փոխարինուեցաւ 71-րդ վայրկեանին:
Այսպիսով, վեց տարուան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Ա. ՍԷ. Միլան կրեց յաջորդական իր չորրորդ պարտութիւնը:
Ասկէ բացի, անիկա վերջին եօթը մրցումներուն, յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել:
Նափոլի ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը եւ ունեցաւ 56 կէտ` 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Սփեցիայի դաշտէն:
Երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ինթեր Միլան ունի 43 կէտ: