Գերմանական Հոֆընհայմ ֆութպոլի խումբի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ ըրաւ գլխաւոր մարզիչ Անտրէ Պրայթընռայթըրը:
Գերմանացի մասնագէտը, որ խումբը գլխաւորեց այս տարեշրջանին սկիզբը, իր կազմին հետ «Պունտըսլիկա»-ի 19 մրցումներէն ապահովեց միայն 19 կէտ:
Հոֆընհայմ նախորդ 14 հոկտեմբերէն ի վեր Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին յաղթանակ չէ կրցած արձանագրել: