Արթուր Միրանեան Միացաւ Ալաշկերտին
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Միրանեան միացաւ Ալաշկերտին, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Շախտիոր Տոնեցքի սան է, նախապէս ելոյթ ունեցած է անոր 17 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի խումբին, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ 17, 18 եւ 19 տարեկանէն վար ազգային խումբերուն: Ան մաս կազմած է նաեւ մակեդոնական Վարտարի, Փիւնիկ Երեւանի եւ Ուրարտուի: Հայաստանի 21...




















