«Չեմփիընզ Լիկ». Ինթեր Միլան Յաղթեց, Մանչեսթըր Սիթի Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց
«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Փորթոն, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 1-0 արդիւնքով: Պելճիքացի յառաջապահ` Ռոմելու Լուքաքու, որ դաշտ ներկայացաւ 58-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Էտին Ծեքոն, մրցումին 86-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին միակ կոլը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ինթերի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 72-րդ վայրկեանին...




















