Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յետսապահ Միշել Տէր Զաքարեան, ֆրանսական Մոնփելիէի հետ գլխաւոր մարզիչի իր աշխատանքին սկսաւ երկու յաղթանակով:
Ան իր կազմին հետ իր կատարած առաջին մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթած էր Պրեսթին, մինչ նախորդ շաբաթավերջին Մոնփելիէ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Թրուայի դաշտէն:
Նշենք, որ 59 տարեկան մասնագէտը 9 փետրուարին վերադարձաւ Մոնփելիէ:
Միշել Տէր Զաքարեան, որ ֆրանսական ակումբը գլխաւորած էր 2017-2021 տարիներուն, նախորդ հոկտեմբերին հեռացաւ ֆրանսական Պրեսթէն:
Ան եղած է նաեւ ֆրանսական Ռեմսի, Նանթի եւ Քլերմոնի մարզիչը:
Իսկ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ան տասը տարի մաս կազմած է Մոնփելիէի, ապա գլխաւորած անոր երկրորդ եւ երրորդ խումբերը: