«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Փորթոն, արձանագրեց քիչ մը դժուար յաղթանակ մը` 1-0 արդիւնքով:
Պելճիքացի յառաջապահ` Ռոմելու Լուքաքու, որ դաշտ ներկայացաւ 58-րդ վայրկեանին` փոխարինելով Էտին Ծեքոն, մրցումին 86-րդ վայրկեանին նշանակեց իր կազմին միակ կոլը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Ինթերի հետ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, 72-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Մարսելօ Պրոզովիչով:
Մրցումին 78-րդ վայրկեանին, Փորթոյին մաս կազմող փորթուգալցի միջնապահ Օթաւիօ կարմիր քարտ մը ստացաւ օրուան սերպ իրաւարարէն:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի, որ հիւրը եղաւ գերմանական Լայփցիկին, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: