Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, այս շաբաթասկիզբին յայտնեց, որ 22-23 փետրուարին Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ ազատ ոճի ըմբշամարտի 23 տարեկանէն վար միջազգային մրցաշարք մը` նուիրուած Հայաստանի վաստակաւոր մարզիչ Լեովա Վարդանեանի յիշատակին:
Մրցաշարքին պիտի մասնակցին Մոլտովայի, Պիելոռուսիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի, Վրաստանի, Հնդկաստանի եւ Հայաստանի մարզիկները:
Նշենք, որ այս յուշամրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Երեւանի քաղաքապետարանի մարմնակրթութեան վարչութեան եւ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին աջակցութեամբ: