Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԱՐ.-Չես Մասթըրզ» ճատրակի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ճատրակի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ ճերմակ քարերով մրցեցաւ նետերլանտցի Անիշ Կիրիի դէմ, յաղթանակ մը արձանագրեց 48-րդ շարժումին:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, այժմ Արոնեան առանձինն կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 4 կէտ:
3-ական կէտով երկրորդ դիրքը կը բաժնեն ամերիկացի Ուեսլի Սօ եւ հնդիկ Տոմարաճու Կուքեշ:
Նշենք, որ տեղի պիտի ունենան ընդամէնը 9 հանգրուանի մրցումներ: