Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 31 տարեկան պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար շուրջ մէկ ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» անուանի մարզաթերթը:
Նշենք, որ Նէյմար վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Լիլի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանի մրցումին:
Պրազիլցին, որ վիրաւորուեցաւ 51-րդ վայրկեանին, դաշտէն դուրս բերուեցաւ պատգարակով:
Ան մինչեւ 8 մարտ ապաքինած պիտի չըլլայ` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ:
Նշենք, որ երթի մրցումին մայրաքաղաքի կազմը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պայէրնէն: