Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, Քատիսի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, (2-0) նոր մրցանիշ մը հաստատեց:
Սպանացի Չաւիի գլխաւորած խումբը այսպիսով իր կատարած 22 մրցումներէն 17-ին («Լա Լիկա») իր բերդին մէջ կոլ չստացաւ:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Տեփորթիւօ Քորունային, որ 1993-1994 տարեշրջանին, 16 մրցումի ընթացքին կոլ չէր ստացած իր բերդին մէջ:
Քատիսի դէմ արձանագրուած յաղթանակին, քաթալոնիական կազմին կոլերը նշանակեցին Սերճիօ Ռոպերթօ (43-րդ) եւ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (45+1-րդ):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսա այժմ ունի 59 կէտ, մինչ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ` 51 կէտ:
Մայրաքաղաքի կազմը այս հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Օսասունայի դաշտէն:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Ֆետերիքօ Վալվերտէ (78-րդ) եւ Մարքօ Ասենսիօ (90+2-րդ):