Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար կը դիտարկէ անգլիական Ասթոն Վիլայի նախկին գլխաւոր մարզիչ` անգլիացի Սթիւըն Ժերարի թեկնածութիւնը, այս մասին յայտնեց «Տը Սքոթիշ Սան»-ը:
Նշուեցաւ, որ փարիզեան ակումբի գլխաւոր մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէ, շատ հաւանաբար յառաջիկայ ամիս հեռացուի իր պաշտօնէն, եթէ անոր կազմը չկարենայ յաղթահարել Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի արգելքը եւ դուրս մնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն:
1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, Սեն Ժերմեն իր դաշտին վրայ անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Անոնց միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 մարտին: