Անգլիական Լիծ Եունայթըտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ սպանացի Խաւիէ Կրասիա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ:
52 տարեկան մասնագէտին նախկին ակումբն էր քաթարեան Սատը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ տարի:
Անցեալին ան եղած է Քատիսի, Ալմերիայի, Օսասունայի, Մալակայի, Վալենսիայի, Ուաթֆորտի եւ Ռուպին Քազանի մարզիչ:
Նշենք, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լիծ 19 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: