
Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ դարձաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 150 կոլ նշանակած ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը, այս մասին յայտնեց «Օփթա»:
Նախորդ շաբաթավերջին, Լիլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (24-րդ հանգրուան) ան տուպլէ մը իրագործեց իր կազմին արձանագրած քիչ մը դժուար յաղթանակին ընթացքին (4-3):
Ան այս ցուցանիշին հասաւ 24 տարեկան եւ 2 ամսականին ընթացքին:
1959-ին ֆրանսացի նախկին ֆութպոլիստ Ժիւսթ Ֆոնթեն Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 150 կոլի ցուցանիշին հասած էր, երբ 26 տարեկան եւ 2 ամսական էր:
Ֆոնթեն հանդէս եկած է Նիս եւ Ռեմս ֆութպոլի ակումբներուն հետ: