Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Ֆիլիփեան կղզիներ, ուր ուրբաթ, 24 փետրուարին կէսօրուան ժամը 12:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), պիտի մրցի դաշտին տիրոջ դէմ:
Իսկ երկուշաբթի, 27 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 8:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նոր Զելանտա (անոր դաշտին վրայ):
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մրցումները կ՛իյնան աշխարհի պասքեթպոլի ախոյեանութեան զտումի վերջին երկու հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որուն աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ամրան ընթացքին` Ճափոնի, ֆիլիփեան կղզիներու եւ Ինտոնեզիոյ մէջ, 25 օգոստոսէն 10 սեպտեմբեր:
Լիբանան, որ այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 15 կէտ, արդէն իսկ ապահոված է աշխարհի ախոյեանութեան իր տոմսը:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ղազի Պուսթանի, մինչ ազգային խումբին մարզիչն է Ժատ Հաժ: